♟️Ճատրակի միջազգային օրուան առիթով, «Հնարդիի» խմբակը այցելեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանին եւ անոր յանձնեց համալսարանի ճատրակի ակումբին համար նախատեսուած ուսումնական նիւթեր, որոնց շարքին՝ թուայնացած գիրքեր, ուղեցոյցներ, դասընթացքներ եւ հաւաքածոյ մը վարպետներու խաղերէն։
Ճատրակը նշանակալից տեղ կը գրաւէ հայ մշակոյթին մէջ, եւ Հայկազեան համալսարանի ճատրակի ակումբին աջակցելու նպատակով՝ մենք պիտի շարունակենք պարբերաբար նիւթեր տրամադրել։ Այս նիւթերը մաս կը կազմեն «Հնարդիի» կողմէ մշակուող եւ օրէ օր ծաւալող թուային գրադարանի մը, որ շուտով հասանելի պիտի դարձնենք համայնքին։♟️On the occasion of World Chess Day, the Hnarti team met with the dean of Haigazian university, Rev. Paul Haidostian, to share a collection of educational resources meant for the university's chess club, including digital books, guides, courses, and masterclasses on chess.
Chess holds a significant place in Armenian culture, and we will continue providing regular updates to support Haigazian's chess club. This content is part of a growing digital library that Hnarti plans to make accessible to the community.
No comments:
Post a Comment