Showing posts with label Translation. Show all posts
Showing posts with label Translation. Show all posts

Jun 3, 2026

Օտար բառերու թարգմանութիւնները - Foreign words' translations



 

Կարգ մը օտար բառեր, որ գործածեցինք մեր վերջին հանդիպումին ընթացքին եւ անոնց հայերէն տարբերակները:

Some of the foreign words we used during our last hangout and their Armenian equivalents.

May 6, 2026

Մեր գործածած օտար բառերը - The foreign words we used





Ահա՛ քանի մը օտար բառեր, որոնք գործածեցինք մեր վերջին հանդիպումին ընթացքին, եւ անոնց հայերէն տարբերակները ✨️

Here are some of the foreign words we used during our last hangout and their Armenian counterparts.


 

May 31, 2025

Չմոռնա՛նք թէ ով ենք - Let's Not Forget Who We Are




Չմոռնա՛նք թէ ով ենք - Let's Not Forget Who We Are


Տասներկու հայուհիներ՝ մեր անցեալէն, կը համախմբուին մէկ հրատապ պատգամով. Պէտք է պահպանենք եւ վերակենդանացնենք մեր մայրենին՝ քանի ուշ չէ։ Այս ծրագիրը մաս կը կազմէ《ՎԵՐՅԻՇԵԼ, ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼ, ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼ 》արշաւին, որ նուիրուած է արեւմտահայերէնի պահպանման եւ վերակենդանացման։ Արեւմտահայերէնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի կողմէ յայտարարուած է որպէս վտանգուած լեզու։ Միասին` կրնանք դառնալ մեր լեզուին պահապանները, քանի որ լեզուն ոչ միայն բառերու հաւաքածոյ է, այլ մեր էութիւնը։ Տեսերիզը կարելի է դիտել արեւմտահայերէնով՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ թրքերէն ենթագրութիւններով։ 12 remarkable Armenian women from our past gather to share one urgent message: We must preserve and revitalize our mother tongue before it’s too late. This project is part of the "RECALL, RECONNECT, REVIVE" campaign dedicated to the presevation and revival of Western Armenian, which is listed as an endangered language by UNESCO. Together, we stand as guardians of our language; because it's more than just words, it's who we are. The video is available with subtitles in Western Armenian, English, French, Arabic, and Turkish.

Jun 21, 2024

Bridging Cultures Through Music: Myrath's Musical Odyssey Across Time and Tradition



“Music is that magical force among the arts that can directly and completely dominate a person's entire existence, their body and soul, and lead them wherever they wish.” ~ Hovhannes Toumanian

Music unites us. It’s a universal language that transcends barriers and brings us together. But music does more than connect us with each other—it also connects us through time. Every nation has its own music that unravels a unique story and transports us to different eras.

In celebration of World Music Day, we would like to shed light on Myrath, a Tunisian rock band that bridges the past with the present. They’re noted for skillfully incorporating their rich North African heritage into their music, creating a unique musical experience that honors their cultural roots while appealing to contemporary audiences.

In Arabic, the word “Myrath” means “legacy”, a concept reflected in the band’s sound. The members make use of traditional Middle Eastern instruments like the oud, qanun, and darbuka alongside the typical electric guitars, bass and drums found in rock music. Myrath's lyrical content further blends the old and new by drawing on themes from their cultural heritage, folklore, and personal experiences, and presenting them in new and innovative ways.

One of their most popular songs “Believer”, is imbued with the band’s recurring principles of hope, resilience, and self-discovery. However, what makes this song notable, is not only its amazing musical prowess and inspiring lyrics, but also its visual storytelling, which enhances the deep and intense emotions conveyed in the songs. “Believer”, along with the songs “Dance” and “No Holding Back”,  are part of a continuous music video trilogy, set in a type of «1001 Nights»- inspired fairytale landscape. The storyline follows the journey of the protagonist who is transported into a mystical world. Throughout the videos, he faces various challenges and obstacles, that test his resolve and courage, eventually overcoming them and discovering his inner power.

Furthermore, the band ensures the magical atmosphere of their music videos transfers to their stage performances, featuring traditional Tunisian attire, pyro shows, magic tricks, and much more, emphasizing their dedication to creating art that resonates on multiple levels.

In the spirit of World Music Day, that is all about exchanging cultural and artistic experiences through music, we wanted to further widen the reach of Myrath’s powerful message, by translating the lyrics of their song “Believer” into Western Armenian.

We do not own the rights to this video. All rights belong to the original creators and owners. This video is uploaded for educational purposes only and no infringement is intended.

Myrath embodies the essence of the “Hnaramid” spirit, by continuously blending traditions with modernity and embracing experimentation with new cultures, as seen in their latest album “Karma”, which draws inspiration from Amazigh rhythms. This enduring legacy of cultural and musical innovation symbolizes Myrath's role as torchbearers, passing on the light of unity and hope through their music to future generations.

Մշակոյթներ Կամրջել Երաժշտութեան Միջոցաւ. «Միրաս»-ի Երաժշտական Ուղեւորութիւնը Ժամանակի եւ Աւանդութեան Ընդմէջէն



“Երաժշտութիւնը  արուեստներու մէջ այն
կախարդական ուժն է, որ անմարմին արտայայտութիւններով կը կարողանայ անմիջականօրէն եւ միանգամայն տիրել մարդու բովանդակ գոյութեան վրայ, անոր մարմինին ու հոգւոյն՝ եւ տիրաբար տանիլ, ուր որ կամենայ։” ~ Յովհաննէս Թումանեան


Երաժշտութիւնը մեզ կը միացնէ․ ան համամարդկային լեզու մըն է, որ կը յաղթահարէ խոչընդոտները եւ մեզ իրար կը մօտեցնէ: Բայց երաժշտութիւնը ոչ միայն մեր միջեւ կապ մը կը ստեղծէ, այլ նաեւ կ՛ամրապնդէ մեր կապը ժամանակի ընթացքին: Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իր երաժշտութիւնը, որ կը պարզէ սեփական պատմութիւն մը եւ մեզի կը փոխադրէ դէպի տարբեր ժամանակաշրջաններ:

Երաժշտութեան Համաշխարհային Օրուան առիթով, կը փափաքինք լուսարձակի տակ առնել Թունիսի «Միրաս» ռոք խումբը, որ կը կամրջէ անցեալը եւ ներկան: Անոնք նշանաւոր են իրենց հարուստ հիւսիս ափրիկեան ժառանգութիւնը հմտօրէն ներառել իրենց երաժշտութեան մէջ՝ ստեղծելով իւրայատուկ երաժշտական ​​փորձառութիւն մը, սերած իրենց մշակութային արմատներէն՝ միաժամանակ գերելով մեր երաժշտական ականջը:

Արաբերէնով «Միրաս» բառը կը նշանակէ «հրիտակ», ըմբռնում մը, որ կ՛արտացոլուի խումբին ձայնին մէջ: Անդամները կ՛օգտագործեն աւանդական Միջին Արեւելեան գործիքներ, ինչպէս՝ ուտը, քանոնը եւ տարպուքան, ընկերակցութեամբ «ռոք» երաժշտութեան մէջ հանդիպող՝ ելեկտրական կիթառներու, պաս կիթառի եւ հարուածային գործիքներու հետ: «Միրաս»-ի քնարական երգերու բովանդակութիւնը առաւելաբար կը միաձուլէ հինն ու նորը, ներկայացնելով իրենց մշակութային ժառանգութիւնը, բանահիւսութիւնն ու անձնական փորձառութիւնները, նորարարական ու ստեղծագործական ձեւերով:

Անոնց ամենայայտնի երգերէն մէկն է «Պըլիվըր»-ը, որ կ՛ընդգծէ խումբին՝ յոյսի, վճռակամութեան եւ ինքնաբացայայտման կրկնուող սկզբունքները: Այսուամենայնիւ, այս երգը նշանաւոր դարձած է ոչ միայն իր հոյակապ երաժշտական ​​հմտութեան եւ ներշնչող բառերուն պատճառով, այլեւ իր տեսողական պատմուածքով, որ կը շեշտէ երգերէն փոխանցուող բուռն եւ խոր զգացումները: 

«Պըլիվըր», «Տէնց» եւ «Նօ Հոլտինկ Պաք» երգերը կը կազմեն շարունակական երաժշտական ​​տեսահոլովակի երրորդութիւն մը, որ տեղի կ՛ունենայ «Հազար ու Մէկ Գիշերներ»-է ներշնչուած հեքիաթային տեսարանի մը մէջ: Պատմութեան գլխաւոր հերոսը կ՛ուղղուի ճանապարհորդութեան, որուն ընթացքին կը տեղափոխուի դէպի առեղծուածային աշխարհ մը: Տեսանիւթերուն մէջ ան կը դիմագրաւէ տարբեր մարտահրաւէրներ եւ խոչընդոտներ, որոնք անոր վճռականութիւնն ու արիութիւնը փորձութեան կ՛ենթարկեն, ի վերջոյ զանոնք յաղթահարելով եւ բացայայտելով իր ներքին ուժը:

Առաւելապէս, խումբը իր ​​տեսահոլովակներուն հմայիչ մթնոլորտը կը փոխադրէ իր բեմական կատարումներուն մէջ՝ ներկայացնելով թունիսեան աւանդական տարազներ, կրակի հանդէսներ, կախարդական խաղեր եւ այլն՝ հաստատելով իրենց նուիրուածութիւնը` ստեղծագործելու տարբեր միջոցներով:

Քանի որ Երաժշտութեան Համաշխարհային Օրը կը նշէ մշակութային եւ գեղարուեստական ​​ փորձառութիւններու փոխանակումը երաժշտութեան միջոցաւ, մենք ուզեցինք տարածել «Միրաս»-ի հզօր պատգամը աւելի լայն տարողութեամբ, թարգմանելով անոնց «Պըլիվըր» երգի բառերը անգլերէնէ դէպի արեւմտահայերէն:


Այս տեսահոլովակի հեղինակային իրաւունքները մեզի չեն պատկանիր: Բոլոր իրաւունքները կը պատկանին հիմնական հեղինակներուն եւ իրաւատէրերուն: Այս տեսահոլովակը վերբեռնուած է միայն կրթական նպատակներու համար եւ ոչ մէկ օրինազանցութեան նպատակ չկայ:


«Միրաս»-ը կը մարմնաւորէ «Հնարամիտ» ոգու էութիւնը՝ շարունակաբար ներկայացնելով աւանդութիւնները արդիական ձեւերով եւ շփուելով նոր մշակոյթներու հետ, ինչպէս կը պարզուի անոնց ամենավերջին «Քարմա» ալպոմին մէջ, որ ներշնչուած է Ամազիկ կշռոյթէն: Այս մշակութային եւ երաժշտական ​​նորարարութեան մնայուն ժառանգութիւնը կը հաստատէ «Միրաս»-ը իբրեւ ջահակիր, որ երաժշտութեան միջոցաւ միասնութեան եւ յոյսի լոյսը կը փոխանցէ ապագայ սերունդներուն: