Showing posts with label Women. Show all posts
Showing posts with label Women. Show all posts

Feb 16, 2026

Թանկարժէք նուէր - Precious gift

 


Գեղեցիկ անակնկալ մը Բարեկենդանի օրով։ Այս բացառիկ ձեռագործը տիկ. Մատլէն Համալեանի աշխատանքն է: Շնորհակալութիւ՛ն իրեն այս թանկարժէք նուէրին համար։ 💗

A wonderful surprise on the day of Paregentan. This exceptional embroidered piece is the work of Mrs. Madeleine Hamalian. A warm thank you for this precious gift 💗

May 31, 2025

Չմոռնա՛նք թէ ով ենք - Let's Not Forget Who We Are




Չմոռնա՛նք թէ ով ենք - Let's Not Forget Who We Are


Տասներկու հայուհիներ՝ մեր անցեալէն, կը համախմբուին մէկ հրատապ պատգամով. Պէտք է պահպանենք եւ վերակենդանացնենք մեր մայրենին՝ քանի ուշ չէ։ Այս ծրագիրը մաս կը կազմէ《ՎԵՐՅԻՇԵԼ, ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼ, ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼ 》արշաւին, որ նուիրուած է արեւմտահայերէնի պահպանման եւ վերակենդանացման։ Արեւմտահայերէնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի կողմէ յայտարարուած է որպէս վտանգուած լեզու։ Միասին` կրնանք դառնալ մեր լեզուին պահապանները, քանի որ լեզուն ոչ միայն բառերու հաւաքածոյ է, այլ մեր էութիւնը։ Տեսերիզը կարելի է դիտել արեւմտահայերէնով՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ թրքերէն ենթագրութիւններով։ 12 remarkable Armenian women from our past gather to share one urgent message: We must preserve and revitalize our mother tongue before it’s too late. This project is part of the "RECALL, RECONNECT, REVIVE" campaign dedicated to the presevation and revival of Western Armenian, which is listed as an endangered language by UNESCO. Together, we stand as guardians of our language; because it's more than just words, it's who we are. The video is available with subtitles in Western Armenian, English, French, Arabic, and Turkish.

May 26, 2025

Անահիտ | Anahid


Անահիտը հայկական դիցաբանութեան ամենէն յարգուած աստուածուհիներէն մէկն էր, որ կը նկատուէր պտղաբերութեան, արգասաւորութեան, ծննդաբերութեան եւ երբեմն` պատերազմի դիցուհի: Անահիտը, Արամազդի եւ Վահագնի հետ հայկական դիցարանին մէջ կը կազմէին մեհենային երրորդութիւն մը: Ծանօթ նաեւ Ոսկեմայր, Սնուցող մայր, Մեծ տիկին, Ոսկեծղի եւ Ոսկեմատն տիտղոսներով, ան կը խորհրդանշէր մայրական ուժը եւ կեանք տուող բնութիւնը:

Նաւասարդի սկիզբը (11 օգոստոսին) մեծ շուքով՝ ծէսերով, երգերով եւ զոհաբերութիւններով կը նշուէր Անահիտի գլխաւոր տօնը՝ կապուած բերքի հասունացման։ Անահիտը կը հանդիսանար մարմնաւորումը հայկական հիմնական արժէքներուն՝ մայրութեան, առաքինութեան եւ պաշտպանութեան, եւ նոյնիսկ քրիստոնէութիւնը ընդունելէ եւ Հայաստանի պետական կրօնը դառնալէ ետք, ան մնացած է կեդրոնական դէմք մը հայ հոգեւոր կեանքին մէջ՝ անոր պաշտամունքը վերածուելով Մարիամ Աստուածածնի պաշտամունքի:

Այսօր ալ Անահիտ անունը կը մնայ հայ աղջիկներու համար տարածուած եւ սիրուած անուն մը: Անոր ժառանգութիւնը կը շարունակէ ապրիլ իր անուան եւ յիշողութեան մէջ, եւ երկու հին արձաններ, որոնք ենթադրաբար կը պատկերեն զինք, տակաւին պահպանուած են,

մէկը՝ Բրիտանական թանգարանին մէջ, միւսը՝ Նեմրութ լեռան վրայ (արեւմտեան Հայաստան, հայկական Տաւրոսի լեռնաշղթայ):


Anahid was one of the most revered goddesses in ancient Armenian mythology, honored as the deity of fertility, healing, wisdom, and at times, war. Anahid, along with Aramazt and Vahakn, formed a sacred trinity in the Armenian pantheon. Known by titles like Golden Mother and Great Lady, she symbolized maternal strength and life-giving forces.

Her sacred day, marked at the start of the Navasart festival, was celebrated with rituals, songs, and offerings during the harvest season. Anahid embodied core Armenian values, motherhood, virtue, and protection, and remained central in spiritual life even after Armenia’s conversion to Christianity, with her image blending into the veneration of the Virgin Mary.

Today, the name Anahid remains a popular and cherished name for Armenian girls. Her legacy lives on in name and memory, with two ancient statues believed to depict her still surviving, one in the British Museum and another at Mount Nemrut, in the east of the Taurus Mountains.

May 25, 2025

Տատիկ կամ Մամիկ | Dadig or Mamig

 


«Մենք ենք մեր սարերը»՝ ընդհանրապէս ծանօթ «Տատիկ-Պապիկ», (արեւմտահայերէն՝ Մամիկ եւ Պապիկ), յուշարձան կոթող մըն է Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մուտքին, եւ կը նկատուի հայկական ինքնութեան եւ դիմադրողականութեան հզօր խորհրդանիշ մը:

1967-ին Սարգիս Պաղտասարեանի կողմէ քանդակուած կարմիր տուֆէ արձանը՝ առանց պատուանդանի, կը ներկայացնէ տարեց զոյգ մը, որոնց կերպարանքները, կարծես, կը բխին նոյնինքն հողէն՝ խորհրդանշելով հողի եւ ժողովուրդի արմատներուն միջեւ արիւնակցական խոր կապը: Թէեւ երկու կերպարներն ալ կեդրոնական են, սակայն Տատիկը դարձած է յուշարձանին զգացական կեդրոնը՝ մարմնաւորելով հայ մօր ուժը, անոր համբերատարութիւնը եւ հոգատար ոգին:

Արձանը լոկ արուեստի գործ մը չէ, այլ կը հանդիսանայ պատմութեամբ ձեւաւորուած, յիշողութեամբ սնուած եւ շատոնց ապաստան տուած լեռներուն հետ միաձուլուած ժողովուրդի մը մարմնաւորումը։


We Are Our Mountains, commonly known as Dadig-Babig or Mamig-Babig ("Grandmother and Grandfather"), is a monumental sculpture in Artsakh that has become a powerful emblem of Armenian identity and resilience.

Created in 1967 by Sarkis Baghdasarian, the red tuff statue portrays an elderly couple whose forms appear to rise from the land itself, symbolizing the deep-rooted connection between the people and their homeland. While both figures are central, the grandmother, Dadig, has emerged as the emotional heart of the monument, embodying the strength, endurance, and nurturing spirit of Armenian matriarchs.

More than a work of art, the statue stands as a metaphor for a people shaped by history, grounded in memory, and bound to the mountains that have long sheltered them.

May 24, 2025

Սիլվա Կապուտիկեան | Silva Gaboudigian


Սիլվա Կապուտիկեան ժամանակակից Հայաստանի ամենէն նշանաւոր ու սիրուած գրական դէմքերէն մէկն է՝ յաճախ կոչուած «Ամենայն հայոց բանաստեղծուհի»: Վաթսունէ աւելի գիրքերու հեղինակ, անոր գրական ժառանգութիւնը խարսխուած է հայկական ինքնութեան եւ տոկունութեան վրայ ու մնայուն տեղ կը գրաւէ ոչ միայն ազգային գրականութեան, այլեւ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ։ 

Իբրեւ վկայութիւն անոր տաղանդին, ընդամէնը տասնինը տարեկանին, Կապուտիկեան հրաւիրուած է միանալու Հայաստանի գրողներու միութեան: Անոր «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը դարձած է մշակութային յենարան՝ լայնօրէն արտասանուելով ու ներառուելով դպրոցական դասագիրքերու մէջ: Կապուտիկեան արագօրէն հռչակ ու վարկ ապահոված է Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ իր քնարական ոճը միաձուլելով ազգային գիտակցութեան: 

Կապուտիկեան անկոտրում պաշտպանած է հայ լեզուն ու գրականութիւնը։ Ան հիմնականօրէն գրած է հայերէն, սակայն իր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու։


Silva Gaboudigian was one of the most celebrated literary figures of modern Armenia, often called “Poetess of All Armenians.” With over sixty books to her name, her work, rooted in Armenian identity and resilience, earned a lasting place in both the nation’s literature and its collective consciousness.

At just nineteen, Gaboudigian was invited to join the Writers’ Union of Armenia, a testament to her early brilliance and promise. Her poem A Word to My Son became a cultural touchstone, widely quoted and taught in schools. Gaboudigian quickly rose to prominence in Soviet Armenia, combining lyrical artistry with national consciousness. 

Throughout her life, she remained a dedicated advocate for Armenian language, literature, and civic life. Her work was primarily in Armenian, with many of her works translated into various languages.

May 23, 2025

Մլքէ Թագուհի (Թամար) | Queen Mlke (Tamar)


Մլքէ թագուհին, ծանօթ նաեւ որպէս Թամար, Գագիկ Ա Արծրունիի (908-943) կինը, Վասպուրականի թագաւորութեան առաջին թագուհին էր եւ 10-րդ դարու հայ քաղաքական եւ մշակութային կեանքի կեդրոնական դէմքերէն մէկը: 

Ան պարզապէս թագաւորի կին չէր, այլ գործուն դերակատարութիւն ունեցած է կառավարման, դիւանագիտութեան եւ եկեղեցաշինութեան մէջ՝ մասնաւորաբար նպաստելով Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ կառուցումին: 

Անոր ժառանգութեան մաս կը կազմէ նաեւ նկարազարդ հարուստ ձեռագրի մը պահպանումը՝ ծանօթ որպէս Մլքէ թագուհիի Աւետարան, զոր ան նուիրած է Վարագավանքին, 922 թուականին: Այսօր ան կը նկատուի  ամենէն հին պահպանուած հայկական ձեռագիրը: Իր առաջնորդութեան եւ հովանաւորութեան շնորհիւ, հայոց պատմութեան մէջ, Մլքէ թագուհին կը մնայ մշակութային հզօրութեան եւ գոյատեւումի հզօր խորհրդանիշ մը։


Queen Mlke, also known as Tamar, was the first queen of the kingdom of Vaspuragan and a central figure in Armenian political and cultural life during the 10th century. 

Far more than a consort, she played an active role in governance, diplomacy, and church construction, most notably contributing to the building of the Church of the Holy Cross on Akhtamar Island. 

Her legacy also includes the preservation of a richly illustrated manuscript, now known as Queen Mlke’s Gospel, which she donated to Varakavank in 922. Today, it is considered the oldest surviving Armenian manuscript. Remembered for her leadership and patronage, Queen Mlke remains a powerful symbol of cultural stewardship in Armenian history.

May 22, 2025

Զապէլ (Սիպիլ) Ասատուր - Zabel (Sibil) Asadour


Զապէլ Ասատուր, ծանօթ Սիպիլ գրական ծածկանունով, արեւմտահայ նշանաւոր բանաստեղծուհի է, գրող, մանկավարժ եւ բարերար:

Ան հանդիսացած է «Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան» հիմնադիրներէն մէկը, որ գործած է շուրջ 22 տարի՝ նպատակ ունենալով Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալ աղջիկներու համար։ 1879-ին, ան հեղինակած է արեւմտահայերէնի քերականութեան դասագիրք մը, որ բազմիցս վերահրատարակած է «Թանգարան» ընթերցարաններուն հետ: Իսկ 1898-ին, Գրիգոր Զոհրապի եւ ամուսնոյն Հրանդ Ասատուրի գործակցութեամբ վերահրատարակած է «Մասիս» գրական ամսագիրը, ուր տպագրած է շարքը մը՝ նուիրուած արեւմտահայ նշանաւոր գործիչներու:

Իր գրական-գեղարուեստական գործերը նուիրուած են հայ կնոջ կեանքին, ներառեալ իր նշանաւոր «Հարսը» թատերախաղը։ Իր երկրորդ ամուսնոյն Հրանդ Ասատուրի հետ փոխանակած  սիրային նամակները, որոնք մինչեւ այսօր պահպանուած են, լոյս կը սփռեն անոր կեանքին եւ անհատականութեան վրայ:


Zabel Asadour, known by her pen name Sibil, was a prominent Western Armenian poet, writer, educator, and philanthropist.

She was one of the founders of the Society of Nation-Dedicated Armenian Women, an organization that actively funded and built schools for Armenian girls throughout Ottoman Armenian regions, which remained active for 22 years. In 1879 she authored a foundational grammar textbook for Western Armenian, and later, together with Krikor Zohrab and her husband Hrant Asadour, helped revive the literary journal Massis, contributing biographical essays on notable Armenian figures.

Her literary work included short stories focused on women’s lives and the well-known play “The Bride”. Surviving love letters exchanged with her second  husband, Hrant Asadour, also offer a personal window into her life and character.


May 21, 2025

Զապէլ Եսայեան | Zabel Yesayan


20-րդ դարու սկիզբներուն զարգացած արեւմտահայ գեղապաշտ գրականութեան եւ ընդհանրապէա հայ քաղաքական մտքի կարկառուն դէմքերէն մէկն է Զապէլ Եսայեան: Հաւանօրէն ամենէն ակնառու կանացի ձայնը հայ գրականութեան մէջ: 

Պոլիս ծնած եւ արտասահմանի մէջ իր ուսումը շարունակած առաջին կիներէն մէկը, ան գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան հետեւած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ: Անոր աշխատանքը, որ կ'ընդգրկէ գեղարուեստական ​​գրականութիւն, լրագրութիւն, յուշագրութիւններ եւ թարգմանութիւններ ֆրանսերէն եւ հայերէն լեզուներով, հիմնուած է ճշմարտութեան եւ հաւաքական յիշողութեան վրայ. ան կ'անդրադառնայ Ատանայի կոտորածներուն, կիներու իրաւունքներուն եւ ցեղասպանութեան պատճառած հոգեցնցումին: 1915-ի ապրիլի 24-ին ձերբակալման թիրախ դարձած հայ մտաւորականներու ցանկին միակ կինը, ան կը յաջողի խոյս տալ եւ իր աշխատանքը շարունակել աքսորի մէջ: Կը վերադառնայ Խորհրդային Հայաստան եւ կը հաստատուի հոն, սակայն հետագային կը ձերբակալուի Ստալինեան հալածանքներու ժամանակ եւ կը մահանայ անծանօթ պայմաններու մէջ: 

Անոր գրական աւանդը կը մնայ անմահ իր գեղարուեստական ստեղծագործութիւններով, որոնց շարքին՝ «Աւերակներու մէջ» եւ «Սիլիհտարի պարտէզները» գործերը: Եսայեանի հաւատքը հայ լեզուի ու մշակոյթի ուժին հանդէպ, անսասան է եւ կ՛ապրի մինչեւ այսօր: Ան կ'ըսէ. «Բոլոր աւանդութիւններէն, որոնք ժառանգած ենք մեր նախնիներէն, ամենէն հեղինակաւորը, ամենէն փայլունը՝ մեր գեղեցիկ, հարուստ եւ հոյակապ լեզուն է, զոր պէտք է պաշտպանենք հոգատարութեամբ, կատաղօրէն եւ ոգի ի բռին»:


Starting in the early 20th century and continuing into the early 1920s, Zabel Yesayan was a leading figure in Western Armenian literature and political thought, and the most prominent female voice of the Keghabashd (Aesthetic) Movement in Armenian literary circles. 

One of the first women from Istanbul to study abroad, she pursued literature and philosophy at the Sorbonne in Paris. Her work, spanning fiction, journalism, memoir, and translation in both French and Armenian, was rooted in truth and collective memory, and addressed the Adana massacres, women’s experiences, and the trauma of genocide. The only woman on the list of Armenian intellectuals targeted for arrest on April 24, 1915, she escaped and continued her work in exile. Returning to Soviet Armenia with hope, she was later arrested during Stalin’s Great Purge and died under unknown circumstances. 

Her legacy lives on through her influential writings, including In the Ruins and The Gardens of Silihdar, and her belief in the enduring power of language and culture. In her own words: “Of all the traditions we have inherited from our forefathers, the most illustrious, the most vivid, is our beautiful, rich and excellent language, which we have to protect with concern, ferocity and verve.”

May 20, 2025

Սրբուհի Տիւսաբ | Srpouhi Dussap


Սրբուհի Տիւսաբ առաջին հայ կինն էր, որ վէպ հրատարակած է եւ իր գեղարուեստական ​​ստեղծագործութիւններուն եւ յօդուածներուն միջոցով՝ կիներու իրաւունքներու, կրթութեան, ուսման եւ անոնց գրական գործունէութեան պաշտպան հանդիսացած է: 

Հասակ առնելով Պոլսոյ բարեկեցիկ ընտանիքներէն մէկուն մէջ, 22 տարեկանին ան կը դառնայ նշանաւոր վիպապաշտ բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի աշակերտուհին, որ անոր մէջ կը զարգացնէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ յարատեւ սէրը: Պէշիկթաշլեան առաջինն էր, որ կը ճանչնայ անոր գրական տաղանդը, եւ կը զայն կը մղէ գրելու: Տիւսաբ կը սկսի գրել գրաբարով, նախքան ամբողջական նուիրումը արեւմտահայ աշխարհաբարին՝ որպէս գրական ժամանակակից լեզու: 1883-ին, ան նոր հորիզոններ կը բանայ հայ կնոջ մը կողմէ գրուած առաջին հայկական վէպով՝ «Մայտա»-ով: Տիւսաբ կոչ կ'ուղղէ վերակառուցելու հայ հասարակութիւնը, ուր կիներ լիակատար հաւասարութիւն պէտք է ունենային բոլոր ասպարէզներուն մէջ: 

Կեանքի ուշ շրջանին, Տիւսաբ յայտնի կը դառնայ իր կազմակերպած բարեգործական եւ մտաւորական հաւաքոյթներով, գրական երեկոներով, ուր հանրածանօթ մտաւորականներ կը հաւաքուէին կարեւոր թեմաներ քննարկելու: Անոր ազդեցութիւնը կը ձեւաւորէ ապագայ հայ կին գրողներու՝ Սիպիլի եւ Զապէլ Եսայեանի ուղին: Այս պատճառով է, որ Սրբուհի Տիւսաբ կը նկատուի հայ կիներու մտաւորական եւ գրական պատմութեան հիմնադիր դէմքերէն մէկը:


Srpouhi Dussap was the first Armenian woman to publish a novel and through her fiction and essays, an advocate for women’s rights, education, and literary expression. 

Raised in an intellectually rich household in Constantinople, she was mentored by poet Mgrdich Beshigtashlian, who inspired her to embrace Armenian language and literature. With his encouragement, Dussap began writing in classical Armenian before eventually becoming a strong advocate for the use of the vernacular Western Armenian as a modern literary language. In 1883, she broke new ground with Mayda, the first Armenian novel by a woman. 

Later in life, Dussap became known for her philanthropic and intellectual gatherings, hosted a literary salon where prominent thinkers convened to discuss important topics. Her influence shaped the path for future Armenian women writers like Sibil and Zabel Yesayan, making her a foundational figure in Armenian women’s intellectual and literary history.

May 19, 2025

Շուշանիկ Կիւրղինեան | Shushanig Gurghinian


Շուշանիկ Կիւրղինեան, որ ընդհանրապէս կը նկատուի արեւելահայ առաջին բանաստեղծուհին, իր գրիչը վերածեց հզօր զէնքի եւ զայն գործածեց ճնշուածներու ձայնը լսելի դարձնելու նպատակով։ 

1903-ին ցարական հալածանքներէ փախչելով, ան կը հաստատուի Տոնի Ռոստովի մէջ իր երկու զաւակներուն հետ, ուր կ'ապրի աղքատ պայմաններու մէջ եւ կը միանայ յեղափոխական շրջանակներու։ Կ'անդամագրուի Հնչակեան կուսակցութեան: 1907-1909 տարիներուն, ան կը գրէ իր ամենահզօր գործերը՝ համադրելով ազգային ազատագրութեան, դասակարգային պայքարի եւ կնոջ ճնշուածութեան թեմաները։ Անոր բանաստեղծութիւնները՝ ներառեալ նշանաւոր «Արծիւի սէրը», կը համադրեն կրքոտ զգացումներ եւ դիմադրութիւն։ Անոր առաջին ժողովածուն՝ «Արշալոյսի ղօղանջներ», հրատարակուծ է 1907-ին։

Թէեւ հետագային ան քիչ կ'արտադրէ, սակայն անոր ժառանգութիւնը կը շարունակէ ապրիլ այն տողերուն մէջ, որոնք պարզութեամբ, կիրքով եւ անսասան համոզումով ձայն կու տան լռեցուած կեանքերու։



Shushanig Gurghinian, often recognized as the first Eastern Armenian poetess, used poetry as a powerful tool to amplify the voices of the oppressed. 

Fleeing tsarist persecution in 1903, she settled in Rostov-on-Don with her two children, where she endured poverty and joined revolutionary circles. Between 1907 and 1909, she produced her most powerful works, capturing themes of national liberation, class struggle, and women's oppression. Her poetry, including the notable The Love of the Eagle, wove together passion and resistance. 

Her first collection, Ringing of the Dawn, was published in 1907. Though she published little thereafter, her legacy endures through verses that gave voice to silenced lives with clarity, passion, and unwavering conviction. 

May 18, 2025

Մարիա Ճէքըպսըն | Maria Jacobsen


Մարիա Ճէքըպսըն դանիացի միսիոնարուհի էր եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ամենէն կարեւոր ականատեսներէն մէկը, որուն՝ վերապրողներու սերունդները կը յիշեն «մայրիկ» կամ «մամա» անունով։ 

1907-ին, Նպաստամատոյց ընկերութեան միսիոներներուն հետ Խարբերդ հասնելով՝ ան հոգ կը տանի հազարաւոր հայ որբերու եւ 1915-ի ջարդերուն ատեն կը պաշտպանէ զանոնք՝ շատ յաճախ վտանգելով իր սեփական ապահովութիւնը՝ զանոնք թաքցնելով օսմանեան իշխանութիւններէն։ Ան նոյնիսկ երեք որբ կը որդեգրէ։ Անոր մանրամասն օրագրութիւնը՝ «Դանիացի միսիոնարուհիի մը օրագիրը. Խարբերդ, 1907–1919», կը նկատուի ցեղասպանութեան ամենէն կարեւոր ականատեսի վկայութիւններէն մէկը։ 

Թուրքիայէն հարկադրաբար մեկնելէ ետք, ան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ երեխաներ փրկելով, եւ ի վերջոյ կը հասնի Լիբանան, ուր կը հիմնէ «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, ուր կը խնամուին Կիլիկիայէն եկած աւելի քան 200 երեխաներ: Ճէքըպսըն լաւապէս կը տիրապետէր հայերէնին, եւ աւելին՝ ան կ'ըլլայ խիստ, որ երեխաները պահեն իրենց մայրենի լեզուն։ Կը մահանայ 1960-ին եւ իր փափաքով՝ ան կը թաղուի իր հիմնած որբանոցի շրջափակին մէջ՝ այն երեխաներուն կողքին, զորս իր ընտանիք կը նկատէր։ 


Maria Jacobsen was a Danish missionary and one of the most vital eyewitnesses to the Armenian Genocide, remembered by generations of survivors as “Mayrig” or “Mama.” 

Arriving in Kharpert in 1907, she cared for and protected thousands of Armenian orphans, often risking her own safety to hide them from Ottoman authorities, even adopting three orphans herself. Her detailed journal, Diaries of a Danish Missionary: Harpoot, 1907–1919, is considered a critical eyewitness account of the genocide. 

After being forced to leave Turkey, she continued her mission of rescuing children, eventually arriving in Lebanon, where she founded the Bird’s Nest orphanage, home to over 200 children from Cilicia. Fluent in Armenian, she made sure the children maintained their mother tongue . She was buried, per her wishes, in the courtyard of the orphanage she founded, among the children she called her family.

May 17, 2025

Ալենուշ Տէրեան | Alenush Derian


 

Ալենուշ Տէրեան, որ ճանչցուած է որպէս «Իրանեան ժամանակակից աստղագիտութեան մայրը», նշանաւոր իրանահայ բնագէտ մըն էր, որ կը յաջողի ճեղքել կանանց առջեւ դրուած բոլոր արքելքները գիտութեան մարզին մէջ։ 

1947-ին, ան կ'աւարտէ Թեհրանի համալսարանը, ապա իր դոկտորականը կը ստանայ Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ՝ մթնոլորտային բնագիտութեան բնագաւառին մէջ՝ աշխատելով նաեւ Մարի Քիւրիի աղջկան հետ։ Տէրեան կը դառնայ Իրանի առաջին կին բնագիտութեան դասախօսը եւ առանցքային դեր կ'ունենայ երկրին առաջին արեւային դիտարանի հիմնումին մէջ։ 

Հետագային ան իր Ջուղայի տունը կը նուիրէ իր ուսանողներուն, որպէս կացարան կարիքաւորներու։ Ամբողջովին նուիրուած գիտութեան, Ալենուշ Տէրեան երբեք չ'ամուսնանար։ Իր աշակերտներուն ան յաճախ կ՛ըսէր. «Դուստր մը ունիմ՝ անունը Լուսին, եւ որդի մը՝ Արեւ»։


Alenush Derian, known as the “Mother of Modern Iranian Astronomy”, was a pioneering Iranian-Armenian physicist who shattered barriers for women in science. 

After graduating from the University of Tehran in 1947, she earned her doctorate in atmospheric physics from the Sorbonne and worked with the daughter of Marie Curie. Derian became Iran’s first female physics professor and played a key role in founding the country’s first solar observatory. 

She later donated her home in Julfa to support her students, to provide housing for those in need. Devoted entirely to science, she never married or had children, famously telling her students, “I have a daughter named the Moon and a son named the Sun.”

May 16, 2025

Այծեմնիկ | Aydzemnig




Այծեմնիկը առասպելական հայ զինուոր մըն էր մեր հին մայրաքաղաք Անիի մէջ: Ան ծանօթ էր իր քաջութեամբ, հմտութեամբ եւ անսասան ոգիով: 

Որպէս դարբնի մը դուստրը, ան հասակ առած էր զէնքերով շրջապատուած եւ դարձած նետաձգութեան ու մենամարտի վարպետ՝ ղեկավարելով երիտասարդ կին մարտիկներու խումբ մը: 

Երբ թաթարական հսկայական բանակ մը կը յարձակի Անիի վրայ, Այծեմնիկ եւ իր զինուորները կը միանան մարտին, անվախօրէն կռուելով՝ հակառակ ճնշող դժուարութիւններուն:

Վիրաւոր, բայց անկոտրում, Այծեմնիկ կը շարունակէ կռուիլ մինչեւ վերջ՝ ի վերջոյ գերութեան փոխարէն ընտրելով մահը:



Aydzemnig was a legendary Armenian warrior from the ancient capital of Ani, known for her courage, skill, and unyielding spirit. 

The daughter of a blacksmith, she grew up surrounded by weapons and became a master archer and combat teacher, leading a group of young female fighters. 

When Ani was attacked by a massive Tatar army, Aydzemnig and her warriors joined the battle, fighting fiercely despite overwhelming odds. 

Wounded but defiant, she continued to fight until the end, ultimately choosing death over capture. 

May 15, 2025

Մայր Հայաստան | Mother Armenia



Մայր Հայաստանը, հայ կնոջ, հայ մօր գաղափարով շնչաւորուած, խորհրդանշական մարմնաւորումն է Հայաստանի՝ առաւելապէս ներկայացուած Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ գտնուող 22 մեթր բարձրութեամբ արձանով։ 


Արա Յարութիւնեանի հեղինակութեամբ կերտուած եւ 1962-ին հաստատուած այս արձանը փոխարինած է Սթալինի արձանը եւ իր կերպարանքով քանդակուած է 17-ամեայ Եվկենիա Մուրատեանի նմանութեամբ։ 


Պատեանի մէջ պահուած սուրը ձեռին, բայց պատրաստ որեւէ ժամանակ դուրս բերուելու, ան կը խորհրդանշէ խաղաղութիւնը՝ ուժով ամրացած, մարմնաւորելով հայ ժողովուրդի տոկունութեան եւ ինքնապաշտպանութեան ոգին՝ միաժամանակ կանգնելով որպէս հայրենիքի լուռ պահապան եւ պաշտպան։ 


Տեղադրուած պատերազմի յուշահամալիր-թանգարանին վրայ, ան յարգանքի տուրք կը մատուցէ երկրի անցեալի պայքարներուն եւ երախտագիտութիւն կ'արտայայտէ պատմութեան ընթացքին հայ կիներու ունեցած դերին նկատմամբ։




Mother Armenia is the iconic female personification of Armenia, most notably represented by a towering 22-meter statue in Yerevan’s Victory Park. Designed by Ara Harutiunian and unveiled in 1962, it replaced a statue of Stalin and was modeled on 17-year-old Genya Muradian. 

With a sheathed sword in hand, the statue symbolizes peace through strength, embodying the resilience and protective spirit of the Armenian people, while standing as a silent guardian and defender of the homeland. 

Set atop a war memorial museum, it honors the country’s past struggles and pays tribute to the powerful role of Armenian women throughout history.