Անահիտը հայկական դիցաբանութեան ամենէն յարգուած աստուածուհիներէն մէկն էր, որ կը նկատուէր պտղաբերութեան, արգասաւորութեան, ծննդաբերութեան եւ երբեմն` պատերազմի դիցուհի: Անահիտը, Արամազդի եւ Վահագնի հետ հայկական դիցարանին մէջ կը կազմէին մեհենային երրորդութիւն մը: Ծանօթ նաեւ Ոսկեմայր, Սնուցող մայր, Մեծ տիկին, Ոսկեծղի եւ Ոսկեմատն տիտղոսներով, ան կը խորհրդանշէր մայրական ուժը եւ կեանք տուող բնութիւնը:
Նաւասարդի սկիզբը (11 օգոստոսին) մեծ շուքով՝ ծէսերով, երգերով եւ զոհաբերութիւններով կը նշուէր Անահիտի գլխաւոր տօնը՝ կապուած բերքի հասունացման։ Անահիտը կը հանդիսանար մարմնաւորումը հայկական հիմնական արժէքներուն՝ մայրութեան, առաքինութեան եւ պաշտպանութեան, եւ նոյնիսկ քրիստոնէութիւնը ընդունելէ եւ Հայաստանի պետական կրօնը դառնալէ ետք, ան մնացած է կեդրոնական դէմք մը հայ հոգեւոր կեանքին մէջ՝ անոր պաշտամունքը վերածուելով Մարիամ Աստուածածնի պաշտամունքի:
Այսօր ալ Անահիտ անունը կը մնայ հայ աղջիկներու համար տարածուած
եւ սիրուած անուն մը: Անոր ժառանգութիւնը կը շարունակէ ապրիլ իր անուան եւ յիշողութեան
մէջ, եւ երկու հին արձաններ, որոնք ենթադրաբար կը պատկերեն զինք, տակաւին պահպանուած
են,
մէկը՝ Բրիտանական թանգարանին մէջ, միւսը՝ Նեմրութ լեռան վրայ (արեւմտեան
Հայաստան, հայկական Տաւրոսի լեռնաշղթայ):
Anahid was one of the most revered goddesses in ancient Armenian mythology, honored as the deity of fertility, healing, wisdom, and at times, war. Anahid, along with Aramazt and Vahakn, formed a sacred trinity in the Armenian pantheon. Known by titles like Golden Mother and Great Lady, she symbolized maternal strength and life-giving forces.
Her sacred day, marked at the start of the Navasart festival, was celebrated with rituals, songs, and offerings during the harvest season. Anahid embodied core Armenian values, motherhood, virtue, and protection, and remained central in spiritual life even after Armenia’s conversion to Christianity, with her image blending into the veneration of the Virgin Mary.
Today, the name Anahid remains a popular and cherished name for Armenian girls. Her legacy lives on in name and memory, with two ancient statues believed to depict her still surviving, one in the British Museum and another at Mount Nemrut, in the east of the Taurus Mountains.


No comments:
Post a Comment