Երաժշտութիւնը մեզ կը միացնէ․ ան համամարդկային լեզու մըն է, որ կը յաղթահարէ խոչընդոտները եւ մեզ իրար կը մօտեցնէ: Բայց երաժշտութիւնը ոչ միայն մեր միջեւ
կապ մը կը ստեղծէ, այլ նաեւ կ՛ամրապնդէ մեր կապը ժամանակի ընթացքին: Իւրաքանչիւր ժողովուրդ
ունի իր երաժշտութիւնը, որ կը պարզէ սեփական պատմութիւն մը եւ մեզի կը փոխադրէ դէպի
տարբեր ժամանակաշրջաններ:
Երաժշտութեան Համաշխարհային Օրուան առիթով, կը փափաքինք լուսարձակի տակ առնել Թունիսի «Միրաս» ռոք խումբը, որ կը կամրջէ անցեալը եւ ներկան: Անոնք նշանաւոր են իրենց հարուստ հիւսիս ափրիկեան ժառանգութիւնը հմտօրէն ներառել իրենց երաժշտութեան մէջ՝ ստեղծելով իւրայատուկ երաժշտական փորձառութիւն մը, սերած իրենց մշակութային արմատներէն՝ միաժամանակ գերելով մեր երաժշտական ականջը:
Արաբերէնով «Միրաս» բառը կը նշանակէ «հրիտակ», ըմբռնում մը, որ կ՛արտացոլուի խումբին ձայնին մէջ: Անդամները կ՛օգտագործեն աւանդական Միջին
Արեւելեան գործիքներ, ինչպէս՝ ուտը, քանոնը եւ տարպուքան, ընկերակցութեամբ «ռոք» երաժշտութեան մէջ հանդիպող՝
ելեկտրական կիթառներու, պաս կիթառի եւ հարուածային գործիքներու հետ: «Միրաս»-ի քնարական երգերու բովանդակութիւնը առաւելաբար կը միաձուլէ հինն
ու նորը, ներկայացնելով իրենց մշակութային ժառանգութիւնը,
բանահիւսութիւնն ու անձնական փորձառութիւնները, նորարարական ու ստեղծագործական ձեւերով:
Անոնց ամենայայտնի երգերէն մէկն է «Պըլիվըր»-ը, որ կ՛ընդգծէ խումբին՝ յոյսի, վճռակամութեան եւ ինքնաբացայայտման կրկնուող սկզբունքները: Այսուամենայնիւ, այս երգը նշանաւոր դարձած է ոչ միայն իր հոյակապ երաժշտական հմտութեան եւ ներշնչող բառերուն պատճառով, այլեւ իր տեսողական պատմուածքով, որ կը շեշտէ երգերէն փոխանցուող բուռն եւ խոր զգացումները:
«Պըլիվըր», «Տէնց» եւ «Նօ Հոլտինկ Պաք» երգերը կը կազմեն շարունակական
երաժշտական տեսահոլովակի երրորդութիւն մը, որ տեղի կ՛ունենայ «Հազար ու Մէկ Գիշերներ»-է ներշնչուած հեքիաթային տեսարանի
մը մէջ: Պատմութեան գլխաւոր հերոսը կ՛ուղղուի ճանապարհորդութեան, որուն
ընթացքին կը տեղափոխուի դէպի առեղծուածային
աշխարհ մը: Տեսանիւթերուն մէջ ան կը դիմագրաւէ տարբեր մարտահրաւէրներ եւ խոչընդոտներ,
որոնք անոր վճռականութիւնն ու արիութիւնը փորձութեան կ՛ենթարկեն, ի վերջոյ զանոնք յաղթահարելով
եւ բացայայտելով իր ներքին ուժը:
Առաւելապէս, խումբը իր տեսահոլովակներուն հմայիչ մթնոլորտը կը փոխադրէ իր բեմական կատարումներուն
մէջ՝ ներկայացնելով թունիսեան աւանդական տարազներ, կրակի հանդէսներ, կախարդական խաղեր
եւ այլն՝ հաստատելով իրենց նուիրուածութիւնը` ստեղծագործելու տարբեր միջոցներով:
Քանի որ Երաժշտութեան Համաշխարհային Օրը կը նշէ մշակութային եւ գեղարուեստական փորձառութիւններու փոխանակումը երաժշտութեան միջոցաւ, մենք ուզեցինք տարածել
«Միրաս»-ի հզօր պատգամը աւելի լայն տարողութեամբ, թարգմանելով անոնց «Պըլիվըր» երգի
բառերը անգլերէնէ դէպի արեւմտահայերէն:
Այս տեսահոլովակի հեղինակային իրաւունքները մեզի չեն պատկանիր: Բոլոր իրաւունքները կը պատկանին հիմնական հեղինակներուն եւ իրաւատէրերուն: Այս տեսահոլովակը վերբեռնուած է միայն կրթական նպատակներու համար եւ ոչ մէկ օրինազանցութեան նպատակ չկայ:
«Միրաս»-ը կը մարմնաւորէ «Հնարամիտ» ոգու էութիւնը՝ շարունակաբար ներկայացնելով աւանդութիւնները արդիական ձեւերով եւ շփուելով նոր մշակոյթներու հետ, ինչպէս կը պարզուի անոնց ամենավերջին «Քարմա» ալպոմին մէջ, որ ներշնչուած է Ամազիկ կշռոյթէն: Այս մշակութային եւ երաժշտական նորարարութեան մնայուն ժառանգութիւնը կը հաստատէ «Միրաս»-ը իբրեւ ջահակիր, որ երաժշտութեան միջոցաւ միասնութեան եւ յոյսի լոյսը կը փոխանցէ ապագայ սերունդներուն:

No comments:
Post a Comment